Հալէպի հայկական դպրոցներու վերամուտը սկսած է
Կրթություն, գիտություն
10:50 17/09/2013

Հալէպի հայկական դպրոցներու վերամուտը սկսած է

Ֆեյսբուքյան «Հալեպահայեր» խմբում տեղադրվել է Մարի Մերտխանյանի գրառումը, ըստ որի Հալեպում գործող հայկական վարժարանները սկսում են գործել, հալեպահայ երեխաների մեծ մասը դպրոց են վերադարձել:

«ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ ԿՈՉ-ԽՆԴՐԱՆՔ
Քիչ առաջ Հալէպցի ընկերոջ մը հետ խօսեցայ: Հալէպի դպրոցներու մէկ մասը այսօր, միւս մասն ալ վաղը Վերամուտ կը նշեն:
Գործնական պայմաններէ մղուած, կարգ մը վարժարաններ միացած են: Ազգային Սահակեան եւ Զաւարեան վարժարանները պիտի գործեն Զաւարեան Վարժարանին մէջ: Ք.Ե.Ա. Ճեմարանը, Ազգ. Հայկազեան եւ Ազգ. Կիւլպենկեան վարժարանները պիտի գործեն Ազգային Կիւլպենկեան Վարժարանին մէջ:
Դպրոցները առաւօտեան եւ յետմիջօրէի ծրագրերով պիտի շարունակեն:

Ընկերոջ փոխանցած տեղեկութիւններուն համեմատ, հալեպահայ աշակերտներու մեծ մասը դպրոց վերադարձեր է: Մօտաւոր տոկոս մը փոխանցեց, բայց յաջորդ քանի մը օրերուն աւելի ստոյգ թիւ մը կը ստանանք: Ի հարկէ, առօրեայ կենցաղային հոգերու կողքին, հիմա դպրոցականն ալ մտահոգութիւն է:
Անգամ մը եւս կը խնդրեմ, որ այս հանգրուանին բոլորս մեր հնարաւորութիւնները ուղղենք նախապէս յայտարարուած ԴՊՐՈՑ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄին:

Այս հիմնադրամի միջոցաւ թէ՛ վարժարանները եւ թէ պաշտօնէութիւնը նուազագոյն գումարներով ապահովուած պիտի ըլլան: Այսպիսով, մեր ուղղակի եւ անուղղակի օգնութիւնը պիտի հասցնենք մեր հարազատ ընտանիքներուն:

Լիբանան գտնուող Հիիմնադրամի հաշուեհամարի գումարները համեմատաբար դիւրութեամբ կրնան Հալէպ փոխանցուիլ:

Աւելցնեմ, որ տեղեկութիւններ փոխանցողը պատասխանատու եւ վստահելի աղբիւր է...:
Օ՛ն, աշխատանքի»,-գրում է Մարի Մերտխանյանը:

Նախորդող գրառում`

Հալեպահայ. «Երէկ ես խօսեցայ Հալէպ»

Placeholder
Հալէպի հայկական դպրոցներու վերամուտը սկսած է