Հայրենիքը գնում է դեպի ինքնաքանդում. Արամ Առաջին
Հասարակություն
12:54 22/10/2025
Հայաստան

Հայրենիքը գնում է դեպի ինքնաքանդում. Արամ Առաջին

«Այսօր հայ կյանքն իր պատմության ճակատագրական հանգրվանում է գտնվում։ Հայրենիքը գնում է ինքնաքանդում և Սփյուռքը՝ դեպի ինքնամաշում։  Պետք է այս ամենին վերջ տալ համահայկական ուժերով»,- այս մասին ասել է  Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Առաջինը գահակալության 30-ամյակին նվիրված միջոցառման ժամանակ։

Արամ Առաջինը նշել է. «Ահավասիկ, ապրում ենք մեր պատմության խաչմերուկում։ Այս պայմաններում մենք նոր ղեկավարների նոր մոտեցումների, նոր կեցվածքների կարիք ունենք, որպեսզի դուրս գանք երկա ճահճացած վիճակից»։ 

Կաթողիկոսանի էջում գրված է. «Հայ կեանքը յուզող ներկայ իրադարձութիւններուն լայն տեղ տալով՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ. «Այսօր հայ կեանքը իր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին կը գտնուի: Ես կ՚ուզեմ հետեւեալ խիտ բառերով բնորոշել, բնութագրել մեր ներկայ կեանքը. Հայրենիքը կ՚ընթանայ դէպի ինքնաքանդում եւ Սփիւռքը` դէպի ինքնամաշում. հարկ է առաջքը առնել այս վտանգին` համահայկական ճիգով: Զգացական պոռթկումներէ, անիրատես արժեւորումներէ հեռու պէտք է մնանք: Մենք չենք կրնար մեր ապագան տեսնել, ճշդել ու ծրագրել պատահական ու պարագայական մօտեցումներով, կեցուածքներով, լոզունգներով, դատապարտումներով: Մենք մեր ժողովուրդին ապագան կը կերտենք իրատես մօտեցումով՝ քննելով մեր ներկան եւ ճիշդ դիտելով մեր ապագան եւ ընթանալով այն ճամբէն, որ կը տանի մեր Հայրենիքին փրկութեան եւ ազգին բարօրութեան»: Ապա, Հայրապետը վերանորոգումի անյետաձգելի հրամայականը շեշտելով՝ ըսաւ. «Ահաւասիկ, կ՚ապրինք մեր պատմութեան խաչմերուկին: Այս կացութեան դիմաց, մենք կարիքը ունինք նոր ղեկավարներու, նոր մօտեցումներու, նոր կեցուածքներու, որպէսզի դուրս գանք ներկայ ճահճացած վիճակէն: Կրկնութիւններով մենք չենք կրնար յառաջ երթալ, մասնաւորաբար ներկայ ճարտարագիտական նորութիւններով եւ ամէնօրեայ փոփոխութիւններով լեցուն ժամանակներուն մէջ: Չենք կրնար ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ ապրիլ: Պէտք է բացուինք եւ տեսենենք, թէ ո՛ւր կ՚երթայ մեր ժողովուրդն ու Հայրենիքը: Աշխարհագրական պայմանները մնայուն փոփոխութեան մէջ են. կեանքը՝ մնայուն եղաշրջումի մէջ: Այս բոլորին դիմաց հարցում՝ ո՞ւր ենք մենք: Այսօր յոյժ կարիքը ունինք նոր արիւնի եւ նոր աւիշի: Այս բոլորը պիտի գան մեր երիտասարդներէն: Անոնք ներկայ աշխարհը կը ճանչնան: Անոնց մօտեցումը այսօր բոլորովին տարբեր է. աւելի իրատես են ու աւելի գործնական: Թոյլ չտանք, որ մեր երիտասարդները հեռանան մեր կեանքէն: Մենք լայն տեղ պէտք է տանք երիտասարդութեան. պէտք է վստահինք մեր երիտասարդներուն, որովհետեւ անոնք պիտի կերտեն մեր ժողովուրդի ապագան: Երբ նոյն աթոռներուն վրայ նո՛յն անձերը կը նստին՝ կաղապարուած նոյն մտածումներով, աթոռն ալ կը մաշի, աթոռին վրայ նստողներն ալ կը մաշին»:

Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով Հայաստանին եւ Սփիւռքին պարազած ներկայ իրավիճակին՝ յայտնեց. «Տարիներ առաջ ըսի, թէ Հայաստանը կը պարպուի. եւ Հայաստանը կը շարունակէ պարպուիլ. իսկ այսօր կ՚ըսեմ, թէ Հայաստանը կ՚ընթանայ դէպի ինքնաքանդում։ Ինչպէ՞ս կարելի է այս ընթացքը կասեցնել: Ահաւասիկ Սփիւռքին դերը: Սփիւռքն ալ, իր կարգին, լաւ պայմաններու տակ չէ: Մենք մեր գաղութներուն մէջ տեսակ-տեսակ դժուարութիւններու, մարտահրաւէրներու եւ տագնապներու դիմաց կը գտնուինք: Այսօր, աւելի քան երբեք, Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալ կ՚ենթադրէ ամէնօրեայ տագնապ ու մաքառում: Հայաստանի մէջ հայը կ՚ապրի իր հայրենի հողին վրայ, կը շնչէ անոր օդը եւ կը խմէ անոր ջուրը, մինչ Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը դիւրին չէ: Սփիւռքի հայը տասնամեակներ շարունակ ըլլալու եւ չըլլալու երկընտրանքին դիմաց էր, եւ ընտրեց հա՛յ ըլլալ: Հայ մնալու համար մեր կեանքը վերածեցինք պայքարի: Այսօր Սփիւռքը, որեւէ ժամանակէ աւելի, ընելիք ունի, քան՝ ըսելիք: Ըսելիքներով մեր կեանքը չլեցնենք, այլ՝ ընելիքներով լեցնենք, հարստացնենք ու արժեւորենք: Ա՛յս կը պահանջուի մեր ժողովուրդէն եւ այս առումով Սփիւռքին դերը էական է: Հայաստանի փրկութեան ու վերականգնումին մէջ Սփիւռքին դերը ես կը նկատեմ առաջնահերթ: Այս պատճառով, մենք, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, սկսանք Սփիւռքի վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի գործընթացքին, քանի Հայաստանի հզօրացումը պայմանաւորուած է Սփիւռքի հզօրացումով: Ահաւասիկ մեր դիմաց կանգնող հսկայ մարտահրաւէրը»:

Իր հայրապետական օրհնութեան խօսքին մէջ Վեհափառ Կաթողիկոսը լուսարձակի տակ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութիւնը. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Անթիլիասի չորս պատերուն մէջ գործող, աղօթող ու մտածող կեդրոն մը չէ. Անթիլիասը մեր ժողովուրդին հաւաքական կեանքին մէջ մայր էջին վրայ, առանցքային դերակատարութիւն ունեցող ներկայութիւն է՝ իր խօսքով ու գործով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեր ժողովուրդի հաւաքական պայքարին առաջնահերթ գիծին վրայ կը գտնուի. այսպէ՛ս եղած է անցեալին, այսպէ՛ս է այսօր եւ այսպէ՛ս պիտի մնայ ապագային: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, մէկ նպատակ ունի՝ Հայրենիքի փրկութիւն, Հայրենիքի հզօրացում, Հայրենիքի վերականգնում ու վերածաղկում, որ պէտք է սկսի Սփիւռքով: Մեր գաղութները, ամէն տեղ, վերականգնումի գործնական ընթացքի մէջ են եւ այս գործընթացքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերը առանցքային է: Այս գիտակցութեամբ կը գործէ մեր Սուրբ Աթոռը՝ մեր թեմերուն աջակցութեամբ»:

Աղբյուրը`Panorama.am
Placeholder
Հայրենիքը գնում է դեպի ինքնաքանդում. Արամ Առաջին